Jump to content

Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/48

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ղովուրդն եւս իւր չափով փառասիրութիւն ունի։ Որչափ կը հպարտանայ մեր Թորոս աղբար, երբ իւր գոմէշն՝ յաղթէ Կիրակոսի գոմէշին. տես դու էն ժամանակ Թորոսին եւ Կիրակոսին կռիւն. մանաւանդ երբ յաղթուած գոմէշին վտանգ պատահած է, կամ ոտք կոտրեր եւ կամ կոտոշ թռեր է. եւ սորա հետեւանք կը լինի ոխութիւն կամ վրէժխնդրութիւն իրարու դէմ։

Ինձ այնպէս կը թուի, Թոռնիկ, մշակութեան ծանր եւ անտանելի գործիքներ պատճառ տուած են գիւղացւոց գոմէշ դործածել։ Բայց երբ գործիքներ թեթեւնան եւ դիւրանան, այլ եւս հարկ չի մնար գոմէշի գործածութեան։ Այո՛, անասնաբուծութեան կարգին գոմէշն եւս իւր պիտանութիւն ունի իւր կաշւոյն եւ մսին համար, հապա կոտոշն, յորմէ Եւրոպացին իւր ճարտարութեամբ շատ տեսակ բաներ կը շինէ, դանակի, չախուի՝ կոթեր եւ կոհակներ, իսկ մեր ձէթ ծախող կոտոշով կը չափէ իւր ձէթ եւ միայն այսչափ է պիտանութիւն:

Ուստի լաւագոյն է, Թոռնիկ, որ գիւղացիք համոզուին եւ սովորեն, աւելի եզն գործածել մշակական աշխատութեան մէջ, որոյ դարման թէ ամարան եւ թէ ձմերան շատ հեշտ է, ոչ լուանալ կուզէ եւ ոչ օծել. բաւական է միայն քերոցով իւր կռնակ քերել եւ մաքուր պահել։ Բայց պէտք է եզներուն սերունդ ազնուացնել ինչպէս Ալաշկերտ գաւառի եզներ, որ շատ պատուական եւ հսկայ են, մեր Վանայ գաւառի եզներ շատ գաճաճ եւ անոյժ են, դորա պատճառներ կը բացատրեմ քեզ իւր տեղը։

Բայց թէ խօսիմ՝ Թոռնիկ, թէ քան զգոմէշ եւ եզն շատ մեծ առաւելութիւն ունի ձին, եթէ գիտնայինը եւ կարենայինք գործածել զայն մեր հողագործական աշխատութեան մէջ։ Գիւղացին կը խնդայ թերեւս, նա չէ տեսեր եւ չի կրնար հաւատալ, թէ բոլոր Եւրոպիոյ աշխարհ միայն ձի կը գործածէ երկրագործութեան համար, թէպէտ անհուն եզներ կը դարմանէ եւ այդ միայն՝ մսին եւ կաշւոյն համար է։ Ձիոյն յատկութիւններ խօսիմ քեզ, նախ որ ձիոյն կուրծքր կրկնապատիկ ոյժ ունի քան եզան վիզը, երկրորդ ձին շատ արտգութիւն ունի աշխատութեան մէջ, այնպէս համարենք եթէ եզ եւ գոմեշ լծուած գութեան մի օր յիսուն ակոս կը բանայ, անշուշտ ձիոյ գութեան մինչեւ եօթանասուն եւ աւելի եւս ակօսներ կը բանայ։ Մանաւանդ սայլ քաշելու եւ որան կասելու համար, ձիոյն գործածութիւն անհամեմատ է:

Այլ միթէ գիւղացին կը համոզուի՞ իւր հին աւանդական