Jump to content

Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/49

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

դրութիւն եւ սովորութիւն թողնել, այո՛, Թոռնիկ, գիւղացին եւս իւր իրաւունքն ունի, քանի որ կրթութիւն եւ ժամանակն ձեռնտու չեն իրեն. եւ աւելի քան զամէն իւր խոր արմատացած նախապաշարումն. այդ հնաւանդ գաղափարը իւր մտքէն խլելու համար կրթութիւն եւ հարուստ ժամանակ պէտք է։

Բայց միթէ սպասենք, որ նա կրթուի եւ մտքով հաւանի նոր յառաջդիմութեան. ո՛չ, ինչպէս խօսեցայ յառաջ, պէտք է գործնական օրինակով ցոյց տանք գիւղական ժողովոլրդին, թող տեսնայ իւր աչքով. վասն զի նա որ գրել կարդալ չի գիտեր կը դժուարի մտքով ըմբռնել. աչքի տեսութեամբ եւ յայտնի օրինակով շուտով կըմբռնէ. եւ գործին շահաւէտ արդիւնք կը մղէ զինքն հետեւիլ օրինակին։ Հին աշխարհի դարերում երբ գիր չը կար, ոչ դպրոց եւ ոչ կրթութիւն. ամէն բան եւ արուեստ աչքի վարժութեամբ կը սորվէին իրարմէ. եւ նոյն իսկ արդի մեր արեւելեան աշխարհ նոյն վարժութեամբ կուսանին պարզ արհեստներ, զորօրինակ, դարբնութիւն, դերձակութիւն, կօշկակարութիւն, հիւսնութիւն եւայլն, այն ինչ արեւմտեան յառաջադէմ աշխարհ այդ արհեստներ նախ տեսական կերպով դպրոցի մէջ դաս կուտան եւ երբ դպրոցէն ելլէ աշակերտ, շատ դիւրութեամբ կուսանի գործնական վարժութիւն արհեստանոցին մէջ։

ՎԱՐՈՒՑԱՆ

ԵԻ ՄՇԱԿԱԿԱՆ ԱՅԼ ԱՇԽԱՏՈԻԹԻԻՆՔ

Մշակական աշխատութեան գործիքներու վերայ բաւական խօսելէն յետոյ, այժմ պիտի սկսիմ, Թոռնիկ, վարուցանի եւ այլ զանազան աշխատութեանց վերայ խօսել։ Մեր Վանայ գիւղական ժողովուրդ երկու կերպով գետին կը վարէ, եթէ գետին կորդ է, գութանով կը վարէ. իսկ եթէ գետին անցեալ տարի վարուած լինելով փխրած է հողը, էն ժամանակ հարօրով կը վարէ մի զոյգ գոմէշ կամ եզն լծելով։ Սովորաբար հարօր գար-