Jump to content

Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/52

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

նու յառաջ կը նետուի, մերթ եւս հուժկու կռէթներ դիմահարելով մանկեռը կը կեցունեն. բայց անխիղճ մշակին խարազան դարձեալ կը վարէ յառաջ. վերջապէս անխօսուն գոմշուկներ անհնարին չարչարանքով կաւարտեն մանկեռի գործողութիւն:

Հարցուր Թոռնիկ, թէ այս անտանելի աշխատութեան մասն ինչ կերպով կը դիւրանայ։ Վերը խօսեցայ որ մի միջոցն այն է, որ կաթնավարէն յետոյ մնացած արտերը ջրեն, եւ ապա վարեն. կան տակաւին ուրիշ հնարքներ, զոր ճարտար եւրոպացին հնարած է յատուկ արտերու կոշկոռներ փշրելու համար, բայց ինչ օգուտ զի մեր գիւղացի աղքատ ժողովուրդ միջոց չունի այդ գործիքներ ձեռք բերելու։ Լաւ է որ մեր բնական խելքով հնարներ մտածենք։

Ես կասեմ Թոռնիկ, ինչ հարկ կայ որ մեր գութան երկար ժամ տնակ տեւէ որով վերջին վարելիք արտեր պնդանան. քանի որ նոր գութանի գործածութիւն երկու զոյգ լծով կը լինի, շատ դիւրին է ուրեմն երկու գութան կը լծենք եւ քսան աւուր միջոց քառասուն աւուր գործ կը տեսնամք. եւ այսպէս կաթնավարի ժամանակ մեր գարնան հերկերու գործը կը լրացնեմք:

Բայց այն հերկեր զոր կը վարեմք այս տարի եթէ թողումք որ ձմեռ անցնի վերայ, դու կը տեսնաս ի գարնան որ ձիւն եւ սառնամանիք այդ կոշկոռներ փշրելով աւուր են դարձուցեր, եւ աշնան սկիզբը երբ միանգամ եւս հարօրավար անելով ցանուեն շատ աւելի արդիւնաբեր կը լինեն։

Ես լսեր եմ, պատմեմ քեզ Թոռնիկ. կասեն ՎԵՐԳԻԼԻՈՍ իւր մշակական բանաստեղծութեամբ խրատ կուտար Հռովմայեցւոց, որոյ տողեր միտքս պահած եմ։

Այլ ըզկամըս մշակին
Ագահութեան հերկ այն լցցէ։
Որ կրկին համբեր տօթոյ
Եւ կրկնակի սառնամանեաց։

Բացատրեմ քեզ. այն հերկուած արտը մշակի ցանկութիւն կը լեցնէ, որ կրկին ամարան ջերմութեան եւ ձմերան սառնամանեաց դէմ կը կենայ։ Վասն զի երկու ամարան ջերմութիւն զհողըն աւելի կեփէ եւ կրկին ձմեռն եւս հողակոշտեր կը լուծէ եւ կը փխրէ։

Չասե՞ս Թոռնիկ, դպրոցէն ես կուգամ, Վերդիլիոնէն դու կը խոսես։ Է՜ Թոռնիկ, մի քանի տարի դպրոք մնալով կը կար¬