Jump to content

Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/67

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ճանաբար դարուվար չինի, ինչպէ՞ս պէտք է հաւասարել։ Շատ գիւրութեամբ կը հաւասարի եթէ արտին լայնութեան կողմէն մինչեւ միւս լայնութեան եզր թումբեր քաշուին երկու կամ երեք տեղ ի նկատի առնելով առապարին բարձրութեան եւ բածութեան դիրք. եթէ խիստ առապար է, պէտք է յիսունական կանգուն չափել եւ թումբ քաշել. իսկ եթէ առապար այնքան զառիվար չէ, բաւական է եօթանասուն եւ հինգ կանգունին մի թումբ քաղել, որով արտը չորս կամ երեք մասի կը բաժնուի։ Թումբեր պէտք է քիչ քիչ քաշուին, ամէն տարի գարնան եւ աշնան աշխատելով, պիտի տեսնաս որ երկու եւ երեք տարուան մէջ արտը հաւասարութեան աստիճան գտած է։

Է՜ Թոռնիկ, գիտեմ պիտի ասես թէ արտը իւր ամբողջութենէն բաւական կը կորսնցնէ այդ թումբերուն համար։ Ո՛չ, այդ հաշիւը սխալ է Թոռնիկ, ոչ միայն չի կորսնցներ այլ մեծապէս կը շահի, վասն զի արտին պտղաբերութիւն կրկնապատիկ էվելնալով՝ կորսնցուցած տեղերուն հաշիւը կը լեցնէ։ Եւ միթէ այդ թումբեր իրենց շահն եւ օգուտ չունի՞ն, ցանէ անոնց վերայ առւոյտի սերմն, տես ինչպէս պատուական կը լինի, թէ իւր արմատներով թումբ կամրացնէ եւ թէ առատ եւ զօրաւոր խոտ կըստանաս ձմերան համար։

Այժմ խօսիմ, Թոռնիկ, արտերու մաքրութեան մասին, որ երկրագործին աշխատութեան մի գործ պէտք է լինի, միշտ ամենայն խնամով արտերէն դուրս հանել մաքրել, եթէ կան իւր այնպիսի քարեր, որ հերկագործութեան եւ հնձելու ժամանակ արգելք կը լինին։ Թո՛ղ արտին երեսը երեւցած քարեր, կը գտնուին նա եւ հողին տակ խոշոր քարեր, որք հերկուած ժամանակ գութանի խոփին զարնուելով կը կոտրեն զայն. գութան կը դադրի մինչեւ խոփը քաղաք տարուելով շինուի, որով բաւական ժամանակ պարապ կանցնի։ Ուստի լաւ է, որ այդ պատահած քարերը փորելով գետնի տակէն հանեն եւ արտէն դուրս վարեն։ Փորձուած է, դու թանի խոփերն ուրիշ պատճառներով էլ կը կոտրին. սորա համար կարող երկրագործ նախահոգ լինելով պէտք է ուրիշ պատրաստի խոփ մի եւս ունենայ, որ ի դիպել հարկին գործածէ, եւ չթողու որ աշխատութեան օրը պարապ անցնի։

Քարեր մաքրելէն յետոյ, կարեւոր է նա եւ բարձրաբոյս դաժան փշեր ելւ ուրիշ մոլախոտեր արմատահան անելով մաք-