Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/68

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

րել։ Դու յիշէ այստեղ Թոռնիկ Աւետարանին առակը, թէ փուշնր կը խեղդեն սերմերը եւ անպտուղ կը լինին։ Աւելի հոգ տանելու է որոմնաբոյս խլել արտէն երբ ցորենին հետ կաճի եւ կը բարձրանայ, էն ժամանակ շատ դիւրին է որոմն ցորենաբոյսէն ժողովել: Կը ցաւիմ որ Վանայ երկրագործներ շատ անհոգ են այս մասին, կը թողուն որ որոմն ցորենին հետ հնձուելով խառնուի, եւ ի միասին կասելով կը ժողվեն շտեբարանը. եւ գիտե՞ս որչա՞փ դժուարին է յետոյ ցորեն մաղելով որոմներ ջոկել։ Կան շատ գաւառներ որ ցորեան լուանալու մեծ հանդէս կանեն, բոլոր ընտանիք կերթան ջրաղաց, եւ այնտեղ օրերով մնալով մեծ խնամով կը լուանան ցորեն, ոչ միայն որոմն՝ այլ եւ մանր քարեր եւ ուրիշ օտար սերմնահատեր ամբողջովին կը մաքրեն եւ ապա կաղան, որով հացն անխառն եւ շատ մաքուր կը լինի:

Բայց որոմնաբոյսեր ցորենէն զատելու համար աւելի դիւրին միջոց այն է, որ կանխապէս դեռ արտ չը հնձուած արտի մէջէն քաղել, երբ որոմն փունջ փունջ կը բարձրանայ ցորենաբոյսին հաւասար եւ կսկսի հասկ կապել։ Ինչպէս տեղեկացած եմ, սորա օրինակ կատան մեզ Խարբերդու ժրաջան ընտանիք, որ ժամանակին կը թափին արտերու մէջ եւ որոմի փնջեր ամբողջ դուրս կր քաշեն, որով ցորենի աճումն աւելի եւս կը զօրանայ, վասն զի ամէն ինքնաբոյս խոտեր, որչափ շատ բուսնին մի արտի մէջ այնչափ աւելի մեր ցանած սերմի աճումն կը ճնշեն եւ կը ջլատեն։ Զարմանալի է, Թոռնիկ, որ այդ ինքնաբոյս անմշակ խոտեր աւելի կը զօրանան, եւ կը յօրանան, առակ է այս, որ կը խօսին իմաստուն մարդիկ թէ ինքնածին բոյսեր իբրեւ հարազատ զաւակ կը համարուին մայր հողին, զորոնք աւելի կը սնուցանէ իւր կաթով եւ հիւթով։ Իսկ մեր ցանած սերմն իբրեւ խորթ զաւակներ կը համարուին։ Բայց մայր հողին բնական զօրութիւն անխտիր եւ հաւասար է ամէն բոյսերուն համար, նա հնազանդ է Աստուածադիր բնական օրէնքին, աշխարհիս մարդկանց մայրերուն չի նմանից որ հարազատ զաւակներ միայն կը սիրեն եւ խորդեր ատելով կատեն։

Հետաքրքիր կը լինի՞ս, Թոռնիկ, թէ ի՞նչ է բնական պատճառ եւ թէ ինչո՞ւ համար կուզեմք օտարաբոյս խոտերը քաղհանք անել մեր մշակած երկրէն։

Երանի՜ թէ կարենայի գիտնականապէս բացատրել քեզ դո-