Jump to content

Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/70

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

վին տկարանալով ապարդիւն կը լինի։ Գիւղական ժողովուրդ ի վաղուց անտի փորձելով գիտէ այս բան. ուստի երկու կերպ միջոցներ ի գործ կը դնէ, վերստին տկարացած հողին ուժ տալ, կամ թող կուտայ, մի քանի տարի որ արտը ինքնին հանգչի եւ ուժ ստանալով պարարտանայ. կամ աղբ տալով արտին պակսած ուժին տեղ լեցնելով կը մշակէ, եւ այսպէս արտը պարապ չի թողուր, ամէն տարի կը վարէ կը ցանէ եւ արդիւնք կստանայ, միայն թէ գիտենալ սերմն փոխել, այսինքն եթէ առաջի տարին ցորեն ցանած է, յաջորդ տարին պէտք է խոտ ցանէ եւ կամ արտն աղբելով բանջարեղէն մշակէ, եւ աշնան վերջ բանջարեղէնք կը վերնան կարող է արտը վարել եւ ցորեն ցանել, որով կրկնապատիկ արդիւնք կստանայ հետեւեալ տարին: Վանայ քաղաքացի երկրագործներ շատ լաւ գիտեն մշակութեան այս կերպ։ Իսկ մեր գիւղական ժողովուրդ իւր արտերուն ուժ տալու համար մեծ միջոցներ ունի իւր ձեռք, չեմ ասեր որ այնչափ տգէտ է, որ չգիտէ, զի քաղաքացի երկրագործաց օրինակ իւր աչքին առաջն է, այլ աւելի պէտք է ասել թէ ծոյլ է, եւ աւելի աշխատութիւն չի սիրեր, եւ ինչպէս նախորդ դասերուս մէջ խօսեցայ, մի մեծ պատճառն եւս այն է, որ չափէն աւելի հողեր ունի իւր ձեռք կը թողու անվար, որ միայն կորդ մնալով ուժովնան։

Կը տեսնա՞ս, Թոռնիկ, ահա մեր գիւղը աչքիդ առաջն է, որ չա՞փ մոխրակոյտեր կան, որ ամէն մի տան առաջ մեծ մեծ բլուրներ կազմեր. թող մոխրակոյտեր շատ աւելորդ կոպեր կան աստ անդ փողոցներու մէջ, ոտքի տակ հող կը դառնան, մեր ապուշ երկրագործներ չգիտեն գործածել այդ պիտանի եւ պարարտացուցիչ աղբերու կոյտեր: Միթէ դժուարի՞ն է ի դառնան եւ աշնան փոքրիկ սայլակներով աղբակոյտ փոխադրել արտերը, որով հողին սպառած ուժը վերստին իրեն տալով՝ հողն անդրէն կը նորոգի եւ կսկսի նոյն առաջին արդիւնք տալ։ Գիտե՞ս, Թոռնիկ, այս մի բնական օրէնք է. հողն եւս մարդոյն պէս իւր կեանքն ունի, եթէ զայն շարունակ գործածելով վարես, ցանես, առանց երբէք ուժ տալու, գիտես թէ՝ կը ծերանայ ամուլ կը դառնայ, եւ կը դադրի իւր պտղաբերութենէն։ Կասեն թէ, Եւրոպիոյ աշխարհին հողերը, վերջին աստիճան ծերացած են: Բայց ի՞նչ կանէ այդ ժրագործ արուեստագէտ ժողովուրդը. այնչափ միջոցներ գտեր է հողին ուժ տալու, որով այդ ծերացած