Jump to content

Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/73

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

փորձած եմ որչա՛փ շահեկան եւ արդիւնաւոր կը լինի, եթէ աշնան աղբուին եւ հաւասար տարածուին արտին երեսը։ Նախ անձրեւ եւ ապա ձիւնը գալով աղբին զօրութիւն ամբողջապէս կը թափանցի հողին, եւ մինչեւ ի գարնան հողն աղբին ուժով կը պարարտանալ, մինչդեռ գարնան աղբ նոյն ազղեցութիւն չունի հողի վերայ, վասնզի եթէ անձրեւ պակաս լինի, արեւու ջերմութիւն աղբին կազային զօրութիւն կը քաջէ ի վեր, որով այնչափ արդիւնաբեր չի լինիր աղբուած արտը։ Թո՛ղ այս, երկրագործը աշնան աւելի ժամանակ կունենայ աղբ կրել արտը, քան թէ գարնան որ ցանքի եւ այլ աշխատութեան օրեր են։ Նոյն իսկ ձմերան օրերը երբ տակաւին այնչափ ձիւն եւ ցուրտ արգելք չի տար, ժրագօտի երկրագործ կարող է աղբեր կրել արտը եւ անմիջապէս ցրուել։

Աղբին պիտանութեան վրայ, այս չափս միայն խօսելով, քեզ կը թողում, Թոռնիկ, որ գործնական փորձով դու ինքնին իմանաս նորա արդիւնաբեր շահեկանութիւն եւ չթողուս որ ամէն մի աղբանիւթ բաներ՝ ընդունայն տեղ վատնուին։


ԺԱ.

ՀՈՒՆՁՔ

Երկրագործին համար որչա՜փ ուրախութիւն է այն օրը, երբ նա կերթայ տեսնել իւր արտորայք թէ հասա՞ծ են, եւ երբ կը տեսնայ որ հասկաւորեալ ցորենաբոյսեր շիկակարմիր գոյներով կը ծածանին մեղմաշունչ հովերէն, վա՜շ, կասէ, հնձելու ժամանակ հասած է. լի ցնծութեամբ ի տուն կը դառնալ աւետիս կուտայ բոլոր ընտանեաց. իսկոյն կը պատրաստուին, տան աշխատաւոր կտրիճ երիտասարդներ, եւ թէ բաւական չը լինին երբեմն օրավարձով մշակներ եւս կը բռնեն, եւ այսպէս արտերուն հունձք կսկսի։

Մի բարի սովորութիւն կար ի նախնեաց անտի գիւղական ժողովուրդին, որու արտ որ շուտ հասնէր, դրացիք եւ բարեկամք կերթային յօգն, նախ նրա արտ կը քաղէին եւ ապա փո-