որով այլ եւս հարկ չի մնար ցորեան կրկին մաղելով մաքրել, եւ ապա տանել ջրաղաց աղալ։
Գիտե՞ս, Թոռնիկ, թէ աշնան կալերու ժամանակ որչա՞փ կաճապարեն գիւղացիք, որ անձրեւակարգ չսկսած կալեր ժողվեն, զի երկրագործը կալի ժամանակ անձրեւ չուզեր, այլ միայն արեւ եւ յաջող քամի։ Բայց այս մեքենային մեծ օգտակարութիւն այն է որ ամէն ժամանակ կարող է բանել:
Սորա համար Եւրոպիոյ մեծ ագարակատերեր, ցորեանն առանց կասելու շատ ժամանակ դէզերով կը պահեն եւ երբ պէտք լինի, մեքենայն դէզի առաջ տանելով, կը կասեն։ Վասն զի փորձուած է, թէ ցորեն աւելի լաւ կը պահուի երկար ժամանակ դէզերուն մէջ իրենց հասկերով ու պատեաններով, քան թէ շտեմարանին մէջ որ շատ անգամ կը տաքնայ, կոջլոտի եթէ երբեմն խառնելով չի դարձնես: Մեր աղքատ կալեր մեքենայի պէտք չունին, մեր մեքենան ժրագործ աշխատութեան բազուկներ են։ Միթէ կարո՞ղ եմք այդ թանկագին մեքենայն բերել մեր աշխարհ, որ մի հատ հազար լիրայի արժէք ունի, ինչպէս շատ անգամ կրկնած եմ. Եւրոպիոյ երկրագործական աշխատութիւն գիւղական Ժողովոլրդին շատ դիւրացուցած են, նա պէտք չունի մեքենայ ստանալ, վասն զի կան այնպիսի ընկերութիւններ որ յատկապէս այդպիսի մեքենաներ կը գործածեն, գիւղացին վարձք տալով միայն իրենց ամբողջ ունեցած ցորենադէզեր կասել տալ։ Եւ գիտե՞ս, որչափ դիւրութեամբ այդ դժուարաշարժ մեքենան գիւղէ ի գիւղ կը տարուի, միայն երկու ձի լծելով, հարթուած պատրաստուած ճամբաներուն շնորհիւ։ Ով գիտէ, անշուշտ կուգայ ժամանակ եւ մի օր, որ այդ մեքենայն քալելով կււգայ մեր աշխարհ, ես կը մեռնիմ, եւ դու կր տեսնաս ու կը յիշես Պապկէդ գուշակութիւն։
Կալի եւ կալատեղի դասն աւարտելով, այժմ պէտք է խօսիմ շտեմարանի պատրաստութեան վերայ որ կարեւոր է երկրագործին համար։