ԺԳ.
ՇՏԵՄԱՐԱՆ
Յանկարծ միտքս եկաւ Թոռնիկ, ինչ զուգադէպ մի օր է այսօր, վաղը մեր Վարագայ Խաչի տօնն է։ Ի նախնեաց անտի սովորութիւն եղած է, բոլոր Վասպուրական աշխարհ վաղը հարիսայ կը դնէ, գիւղական ժողովուրդին համար աւելի ցնծութեան օր է, մեք այս աւուր կալի կորկոտ կասենք, վասն զի կալեր կը վերջանան. կալի երախայրիքէն գիւղական տանտիկինները յատկապէս ճերմկահատ ցորեններէն կորկոտ կը պատրաստեն հարիսայի համար, բոլոր գիւղի տները ամէն մէկ իրենց չափով հարիսայ կը դնեն։ Էր մի ժամանակ որ գեղի մեծ մեծ համբաներ մէկ մէկ եզ կը մորթէին հարիսայի համար, իրենց մեռելները յիշելով հոգւոյ հաց կը պատրաստէին, բոլոր գեղի ժողովուրդ, աղքատներ կուտէին կուշտ կուշտ եւ կօրհնէին տանուտէր։ Գնա՜ց, Թոռնիկ, այն առատութեան ժամանակ, թող եզն, բաւ է թէ կարենան ուլ մի մորթել: Ի հնուց հարիսայի համար շատ երգեր կան բայց ես նորէն մի երգ խօսիմ քեզ։
|