որ լեռներու գագաթներ ձիւնով ծածկուած են, եւ այդ մի նշան է, ցոյց կուտայ մեզ թէ ձմեռը մօտ է. լեռնեն պիտի իջնայ դաշտ է պէտք է էն ժամանակ գիւղական ժողովուրդ իւր ձմերան պատրաստութիւններ տեսնայ:
Դու գիտես, մեր գիւղացւոց տներ եւ ախոռներ, խախուտ եւ անհաստատ շէնքեր են, ամէն տարի աշնան պէտք է նորոգուին։ Կը կարծե՞ս, Թոռնիկ, որ գիւղական ժողովուրդ լաւ հասկացած է աշխարհիս ունայնութեան կեանք, սորա համար երբէք չուզեր հաստատուն բան շինել։ Ո՛չ, այդպէս մի դատեր, նախ որ իւր տնկած ու մշակած փայտ չունի, եթէ դոն է դրամ չունի, եթէ շինէ՝ շինելու կերպ չի գիտեր, եւ այս ամենուն դարձեալ պիտի խօսիմ իւր տեղը:
Մեր բնակած երկրի ձմերան սաստիկ կլիման է, որ պատճառ տուած է անասնոց համար ախոռներ շինել: Այս մասին անաշխատ եւ ազատ են հարաւային ջերմին գաւառներ, ուր ոչ ցուրտ կայ, եւ ոչ ձիւն. երկրսպործ ժողովուրդին աշխատութիւն շատ պակաս է, ձմերան անասնոց դարմանին համար ոչ ինչ հոգում տածութիւն չունին, տարին տասն երկու ամիս անոնց անասուններ կարածեն։ Ուստի երբէք պէտք չունին, ոչ ախոռ շինելու եւ ոչ անասնոց համար դարման պատրաստելու, ոչ խոտ եւ ոչ յարդ. ուստի խոտ մշակելու, քաղելու եւ դիզելու երբէք պէտք չունին. ինքնաբոյս խոտ այնչափ առատ կը բուսնի, մանաւանդ Կիլիկիոյ լայնածաւալ խորադաշտ (չուգուր oրվայ) որ աշնան ժամանակ կրակ տալով կը վառեն, որով աւելի կուժովնայ հողը, եւ հետեւեալ տարին խոտաբոյսն կրկնապատիկ կը զօրանայ։
Բայց մեր երկրի ձմերան ցուրտ եղանակն կստիպէ մեզ, անասնոց համար ախոռ եւ դարման պատրաստել։ Դու կը տեսնաս, Թոռնիկ, ի՞նչ են մեր ախոռներ եւ ի՞նչ պիտի լինի անոնց պատրաստութիւն, եթէ առիքի մի քանի գերաններ փտած են պիտի փոխուին, եթէ մսուրներ քանդուած են՝ պէտք է շինուին, նոյնպէս եթէ ախոռին յատակներ դարուփոս եղած են, պէտք է սալարսով հարթել եւ այլն։
Շինական երկրագործ միայն այսքան կարող է պատրաստել իւր անասնոց ախոռ, նա որ իւր բնական խրճիթին համար հոգ չունի, միթէ անլեզու խեղճ անասնոց համար պիտի մտա-