Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Թամամ քառսուն օր էի բացակայ,
Քիչ մը ռահաթցած Նախչըւան էկայ․
Ամէն պան իրեն տեղն է անփոփոխ,
Ամէն պան անպէս է, ինչպէս կանօխ։
Կէնէ կըփըչէ գէշ, թօզոտ քամին,
Մարթիկ մէկ֊մէկու միսը կըծամին,
Վարժատան լաֆը կէնէ դաթռած չէ,
Մեր (ֆէլան) աղան կէնէ կըհաչէ։
Կէնէ մեր հալխին վերչը չիկայ սուտին,
Կինիմարթիկ ալ զօռ կանին կուտին.
... . ... կէնէ սօխախ կըվօթին,
Ճամփու վրայ սատկած շուներ կըհօտին։
Կէնէ լուսէ֊լուս սթուք, վինթ կըխաղան,
Ու մարթ կըխափէ մեր ֆիլան աղան.
Վանի վրայ սուտ-խօրթ ինչ ասես կասին,
Մեր ռօթօնտին ալ շատ կըպամպասին։
Կէնէ կըկըռծին լոխում ու ապուխտ,
Կենե կըտըպին... սրփելու թուխտ,
Ասպէս անփոփոխ Նախչըւան քաղաք
Պիտ մընայ տահա մէկ հարիւրամեակ։
|
|