— Դուռդ բաց ինծի, քո՛յր իմ, ո՛վ բարեկամուհիս,
Գլուխս թրջուած է եղեամէն,
Եւ մազերս թաց են գիշերային կաթիլներէ,
Արթնցիր բարեկամուհի՛ս,
Եկո՛ւր, գեղեցիկ աղջիկ, ո՛վ հարս.
Ահաւասիկ, որ ձմեռը անցած է,
Եւ անձրեւները գացած.
Ծաղիկները կը բուսնին հողին վրայ,
Երգելու ժամանակը հասած է,
Ու տատրակները կը ձայնեն։
Արթնցի՛ր, բարեկամուհի՛ս,
Եկո՛ւր, գեղեցիկ աղջիկ։
Ես հանած եմ ներքնաշապիկս...
Ինչպէ՞ս զայն նորէն հագնիմ...
Ես լուացած եմ ոտքերս.
Ինչպէ՞ս զանոնք աղտոտեմ։
Իմ սիրեցեալս ձեռքով հպեցաւ նիգին,
Ու իմ որովայնս սարսռաց։
Ա՜հ, թող ան զիս համբուրէ՜ իր բերանին համբոյրներովը։
Դիր զիս սրտիդ վրայ կնիքի մը պէս.
Կնիքի մը պէս, բազուկիդ վրայ,
Եղբայրս կը նուագէ նոյն մելամաղձոտ եղանակը։ Վառարանիս կրակը կը ճարճատի։ Լոյսս կը փակեմ ու կը թողում գլուխս բարձիս մէջ։ «Ա՜հ, ան թող համբուրէ զիս իր բերանին համբոյրներովը»։
Ժամացոյցը առաւօտեան երեքը զարկաւ։ Ես մտիկ կ’ընեմ սրտիս ձայնին։ Օ՜, վայրկեանը թո՛ղ յապաղի վրաս, վայրկեանը թո՛ղ յապաղի վրաս։
Աստունին ղրկած է Սուրէնին ձեռագիրը՝ առանց բառ մը կցելու։ Երեք անգամ կարդացի այդ տրտում երգը ու ահա կը թարգմանեմ զայն։ Սիրտս կը յորդի մեծ ու անպարփակելի ուրախութեամբ, ամէն անգամ որ կը նայիմ Սուրէնին պզտիկ ու ջղային գրերուն։ Ինչպէ՜ս երջանիկ եմ։
«Վայրի ծաղիկներու այս փունջը...
«Կը նուիրեմ սիրոյ եւ ցաւի այս խոնարհ տողերը, գրուած օտար լեզուով մը, քեզի, յաւիտենական ու սիրեցիալ քոյր փոքրիկ, մեռած լուռ եւ թշնամի անապատի մը մէջ, հեռու մեր հայրենի քաղաքէն ու մեր մօրենական երդիքէն, առանց սիրոյ եւ առանց գուրգուրանքի։
«Հաճեցէք ընդունիլ իմ դողդոջուն եւ երախտապարտ ձեռքերէս, ո՛վ տիրուհի, վայրի ծաղիկներու այս փունջը իմ սիրոյս եւ իմ տրտմութեանս։