«Ես կուգամ հեռուներէն՝ խարդախ ու դաւադիր ճամբաներէ թշնամի եւ ցուրտ երկրի մը։ Ես տխուր եմ ու պարտասուն։ Աղքատ ու գէշ հագուած։ Տժգոյն, ինչպէս Դեկտեմբերի գիշերուան մը ցուրտ լուսնկան, ու ցաւաբեկ, ինչպէս թշուառական շուն մը, ոը անձրեւին տակ կը կաղկանձէ սալայատակին վրայ՝ յանուն գիշերուայ մը հանգստութեան։
«Իմ ուսերս կը խորտակուին՝ առանց սիրոյ անցուցած գիշերներուս ու առանց լոյսի օրերուս դժնդակ բեռան տակ։ Ոտքերս արիւնոտած են անհարազատ ու օտար ճամբաներու վրայ, եւ շրթունքներս չորցած՝ առանց գգուանքի ու առանց համբոյրի, ինչպէս մեռած ու տժգոյն թերթերը թանկագին ու տարաշխարհիկ ծաղիկի մը։
«Մելամաղձո՜տ: Մելամաղձոտ տղան, որ ես եմ, տիրուհի՛։ Կը զգամ սիրտս կրծքիս տակ՝ ցուրտ ու մետաղային, ինչպէս սեւ քարի վայրի շերտ մը։ Ականջներս խուլ են՝ երկար ատենէ կորսնցուցած ըլլալով իմացումը ներդաշնակ ու նուագուն ձայներու, ձայներու քաղցր ու գգուող, եւ մարմինս նեխած է, ինչպէս մարմինը անառակ ու շնացող մարդու մը, ուր կը տիրեն մեղքը եւ կիրքը։
«Ես կը ճանչնամ բոլոը տգեղութիւները։ Ատելութիւնը ու կատաղութիւնը մարդոց ու անասուններուն եւ բարբարոսութիւնը վայրենիներուն։ Ստութեան բոլոր դիմակները ու կեղծիքի, զրպարտութեան ու նախանձի բոլոր ձեւերը։ Կը ճանչնամ մարդոց բոլոր մղձաւանջները ու մարդկային ցաւի բոլոր հառաչանքները, ճակատամարտի դաշտին վրայ վիրաւորներու աղաղակներու ու ծարաւի հոգեվարքներու վերջին հծծիւնը։
«Կը ճանչնամ բոլոր ցաւերը։ Կիներուն անգթութիւնը, անոնց ունայնամիտ ու խուլ անտարբերութիւնը ու հպարտութիւնը։ Ես կը ճանչնամ բոլո՛ր վատութիւնները, բոլո՛ր լրբութիւնները, բոլո՛ր ստորնութիւնները ու բոլո՛ր յուսահատութիւնները։
«Ես կը ճանչնամ ոսոխ ու պաղ երկիրներ, ինչպէս սառուցեալ բեւեռը, քաղաքներ՝ մեծ եւ դժբախտ, եւ գիւղաքաղաքներ՝ աղքատ եւ տխրական։ Պայծառաշող ու մեծազանգուած պալատներ եւ տնակներ՝ խոնարհ եւ մթին, ու քարայրներ՝ խոնաւ ու խաւարչտին։
«Կը ճանչնամ լեռներ՝ վեհափառ ու հպարտ իրենց առանձնութեան անապատին մէջ, դաշտեր՝ քաղցր ու բեղմնաւոր, անապատներ՝ լուռ եւ անծայրածիր, անդունդներ՝ սեւ եւ վտանգաւոր, ու ձորե՜ր, ձորե՜ր, ուր շուշաններ կը ծաղկին։
«Ես կը ճանչնամ տաճարներ, ուր կաղօթեն բազկատարած ու երկիւղած, մզկիթներ, որ դաշոյններու պէս կը ցցուին երկնքի սրտին մէջ, ու կապէլաներ, ուր Քրիստոսը կը խաչեն ամէն օը վաւաշոտ ու անասուն մարդիկ։
«Ես կը ճանչնամ բոլոր ձայները՝ ոմանք քաղցր, ոմանք մաղձոտ։ Ես կը ճանչնամ բոլոր ճիչերը՝ վայրենի ու արիւնող, ճարճատուն ու անմարդկային, սիրոյ կամ յուսահատութեան։
«Ես կը ճանչնամ բոլոր աչքերը։ Աչքեր՝ խորունկ, կապոյտ, չոր, մութ։ Աչքեր՝ սեւ, տխուր, անդնդայատակ։ Աչքեր՝ կանաչ, անախորժ, վայրենի։ Աչքեր՝ անմեղ ու ժպտուն, ու աչքեր՝ մեղաւոր ու անառակ։
«Կը ճանչնամ շրթունքներ՝ հեզ կամ ջղային։ Շրթունքներ՝ սիրոյ ու ատելութեան, համբոյրի ու մատնութեան։ Ու տժգոյն շրթունքներ՝ հեշտանքի ու հաւատարմութեան բերան։ Սիրոյ սպիացած վէ՜րք։ Վիրաւոր ծաղիկ։
«Կը ճանչնամ բոլոր վանկերը։ Բոլոր մարդկային բառերը։ Բառերը սուրբ ոխերիմ Եհովային ու Նազովրեցի Յիսուսին՝ պարզ ու գրաւիչ։ Բառերը մարգարէներուն եւ իմաստուններուն։ Ու սիրոյ, ցաւի, կրքի, հաւասարութեան ու եղբայրութեան բոլոր բառերը։ Կը ճանչնամ բառեր՝ բարերար ու դառն, խաղաղ կամ դժնդակ, կեղծ կամ ճշմարիտ, հարուստ կամ աղքատ, տխուր կամ ուրախ։ Բառերը անմեղ մանկուհիներուն ու