Վայրենի, դողդոջ ձայնով կ՚արտասանէր անունս ու կ’ուզէր գլուխս գրկել իր ազատ ձեռքով։
Յուսահատութենէս ու ամօթէս սկսայ արտասուել, բայց անոր շունչը դէմքիս վրայ կատաղութիւնս խթանեց։ Ան կ’ուզէր համբուրել զիս։ Ես կ՚արտասուէի ու կը կռուէի։ Կը քաշէի իր մազերը ամբողջ ուժովս։
Ցաւի ճիչ մը խեղդուեցաւ կոկորդին մէջ, եւ յուսահատ ինկաւ աթոռի մը վրայ։ Տժգոյն էր ու շնչաբեկ։ Ես նայեցայ անոր աչքերուն ու զգացի, որ կը տառապի։ Կ՚ուզէի նախատել զինքը, թքնել երեսին, վռնտել դուրս, բայց իր նայուածքը այնքան գեղեցիկ էր ու յուսահատութիւնը այնքան մարդկային ու ազնուական, որ գթացի իր վրան։
Մութը դուրսը թանձրացած էր ալ։ Դարձուցի ելեկտրական լոյսի կոճակը ու սկսայ նուագել ուրախ վալս մը, իբր թէ ոչինչ պատահած ըլլար։ Ան կը նայէր ինծի զարմացած ու յուզումէ թաց աչքերով եւ կ’ուզէր խօսիլ, բայց իր շրթները կը դողդղային։
Քաղաքային ժամացոյցը ութը զարկաւ։ Քիչ յետոյ մեր դրան զանգակը հնչեց, ու լսուեցաւ եղբօրս ձայնը։ Սարունին սեղանէն գիրք մը վերցուց եւ ձեւացուց, թէ կը կարդայ։ Ես կը նուագէի առանց ընդհատումի։ Եղբայրս բարեւեց զիս ու ձեռք տուաւ Սարունիին, ու միասին սկսան խօսիլ։
Քիչ յետոյ Սարունին ուզեց մեկնիլ։ Եղբայրս զայն կ՚ուզէր ընթրիքի պահել, բայց ան ժամադրութիւն մը պատրուակեց ու մերժեց մնալ։
Դուրսը երեկոն խաղաղ էր։ Եղբայրս առաջարկեց, որ իրեն ընկերանանք մինչեւ հանրակառքի կայարանը։ Սարունին կը քալէր գլխահակ ու լուռ։ Եղբայրս կը խօսէր, իսկ ես կը մտածէի Սուրէնի վրայ։ Բաժանումի ատեն Սարունին իր դողդոջուն ձեռքը երկարեց ինծի, ու ես սեղմեցի զայն՝ նայելով իր աչքերուն ու զսպելով յուզումս։ Անոր դէմքը տժգոյն էր, ու աչքերը խոնաւ։ Եղբայրս մօտակայ խանութէ մը ծխախոտ կը գնէր, մինչ հանրակառքին ձայնը հեռուէն կը լսուէր անորոշ ու անախորժ նուագի մը պէս։
Սարունին կռթնած էր դեռ իր գաւազանին ու կը ծխէր ծխամորճը։ Թէեւ ձեռք տուած էինք իրարու, ներքին որոշում մը զիս կը պահէր սալայատակին վրայ։ Ի վերջոյ հանրակառքը եկաւ։ Կրկին ցտեսութիւն ըսինք իրարու, բայց ես շատ ցած ձայնով աւելցուցի, որ ալ չգայ զիս տեսնելու։ Այդ ըսած ատենս կ՚ուզէի անտարբեր ըլլալ, կ՚ուզէի ցրտօրէն նայիլ իրեն, բայց ձայնս կը դողար, ու աչքերս կախած էի գետին։
— Այո՛,— հծծեց անիկա, ու աւելի ծաղրանքով ու դառնութեամբ,— ուրեմն Սուրէնէն խնդրեմ, որ վաղը Ձեզի գայ՝ իր ձեռագիրը առնելու համար։
— Ապո՛ւշ,— մռլտացի ես ու զգացի, որ աչքերս կը թրջուին։
Եղբօրս հետ տուն դարձանք՝ առանց բառ մը փոխանակելու։ Ընթրիքէն յետոյ շարունակեցինք «Կարամազով եղբայրներ»ուն ընթերցումը, մինչ մայրս անկիւնը ինծի համար բրդեղէն կը հիւսէր, ու կատուս կը մռլտար ոտքերուս տակ։
Կ՚ուզեմ քնանալ, բայց սիրտս կը զարնէ ուժգնութեամբ, եւ լալու որոշ եւ անդիմադրելի ցանկութիւն մը կը տկարացնէ մարմինս։ Կը մտածեմ Սարունիին կոպտութեան վրայ, ու անհամբեր յիշատակներ մարմին կ՚առնեն մտածումիս մէջ ու կը նեղեն զիս։
Ինչքան ատելի ու տգեղ մարդոց ստիպուած եմ թոյլ տալ, որ հպին մարմինիս։ Բեմին վրայ հարիւրաւոր հետաքրքիր նայուածքներու տակ պարտաւորուած եմ արտօնել, որ օտար ու անցանկալի բազուկներ գրկեն հասակս, երբեմն նոյնիսկ հանդուրժել, որ մարդ մը մօտեցնէ բերանը իմինիս ու յաճախ արտօնէ ինքզինքին շատ ցած ձայնով գռեհիկ ու կրքոտ բառեր ըսել։ Երբեմն ալ, ընդհակառակը, երիտասարդ ընկերոջ մը