Էջ:Sails of death, Vazgen Shushanian.djvu/28

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

թուխպ էր ու ծառուղին կիսամութ։ «Գիտես, չէ՞, Սիրանո՛ւշ, Ս. Միշէլի ծառուղիին վերի մասը»։ Շուրջը ամայի էր։ Մենք կը քալէինք դանդաղ։ Հեռուէն կը լսուէր հանրակառքերու աղմուկը, եւ Սարունիիե գաւազանին ձայնը չափ կուտար մեր քայլերուն։ Յանկարծ կանգ առաւ, նայեցաւ ուղիղ աչքերուս ու հարցուց տրտում ձայնով։ Նայուածքը այնքան գեղեցիկ ու խռովիչ էր, որ մարմինս սարսռաց։

— Եթէ հիմա յանկարծ գրկէի Ձեզ ու համբուրէի, ի՞նչ կ՚ընէիք...

Կը նայէր աչքերուս հետզհետէ բոց առնող ու զօրաւոր նայուածքով ու կը սպասէր պատասխանի։

— Չե՛մ գիտեր,— ըսի դողդոջուն ու յանկարծ զգացի իր բազուկները մէջքիս վրայ ու դէմքը՝ դէմքիս։

Երկար վայրկեան մը ան համբուրեց զիս բերնիս վրայ։ Մարմինս կը դողար, ու այնքան տկար էի յուզումէս, որ ինծի կը թուէր, թէ պիտի իյնայի։ Թեւը տուաւ ինծի, ու հասանք մինչեւ Պանթէոնի փողոցը։ Բաժնուելէ առաջ ըսաւ, որ պիտի գրէ ինծի, ու խոստում առաւ, որ պիտի պատասխանեմ իրեն։ Պանթէոնի առջեւն էինք։ Ձեռքը տուաւ։ Իր ձեռքը կը ղողար, ու կը նայէր գետին։ Ցած ձայնով խնդրեց, որ այս բոլորի մասին ոչինչ ըսեմ քեզի։ Կ՚ուզէի առաւօտը քեզ տեսնելու գալ, բայց չկրցայ իշխել ինքզինքիս։

Ես մտիկ կ՚ընէի ընկերուհիիս հետզհետէ աճող յուզումով ու անձկութեամբ։ Հասած էինք Ս. Միշէլի ծառուղիին վարի մասը։ Լոյսերը սկսած էին շողալ սալայատակն ի վար։ Սորպոնի ժամացոյցը եօթը հնչեց։ Մեր քովէն անցան երկու երիտասարդներ, եւ լսեցինք հայերէն խօսքեր՝ թրքերէնով խառն։ Քիչ մը վարը շրջուն երաժիշտներ կը նուագէին փողոցի երգ մը։ Բազմութիւնը իրենց շուրջը հաւաքուած կը ձայնակցէր։ Յանկարծ նկատեցինք Սարունին, որ կ՚անցնէր դիմացի մայթէն՝ գլխաբաց, կռթնած գաւազանին ու ծխամորճը բերանը։ Գլխով բարեւեց մեզ, բայց չմօտեցաւ։ Երկուքս ալ կանգ առինք ու նայեցանք անոր կորսուող հասակին, բայց ան գլուխը չդարձուց ետ։

Ընկերուհիս առաջարկեց, որ պարելու երթանք։ Ընթրեցինք հայկական ճաշարան մը ու գացինք մօտակայ պարասրահ մը, որ հաւաքատեղին էր հայ ուսանողներու։ Ուրախ, բազմազգի ու աղմկող բազմութիւն մը լեցուցած էր սրահը։ Պարեցինք մինչեւ ժամը տասը։ Մեկնումի պահուն սրահին մէկ հեռաւոր անկիւնը նկատեցի Սուրէնին տժգոյն դէմքը։ Ան հագած էր իր սովորական սեւ շապիկը ու կը ծխէր խոշոր գլանիկ մը, ինչպէս մեր հանդիպումի առաջին գիշերը։ Շրջապատուած էր իր ընկերներէն ու կը խօսէր ցած ձայնով։ Ի վերջոյ, նկատեց մեզ, նայեցաւ ծանր ու խորհրդաւոր նայուածքով, գլխով բարեւեց ու շարունակեց խօսիլ իր ընկերներուն։ Ես զգացի, որ կը տժգունիմ, ու քաղցր, բայց դառն տկարութիւն մը ճնշեց մարմինս։ Կը նայէի Սուրէնին, ու մեծ երջանկութիւն մը կը լեցնէր սիրտս։ Յանկարծ խոշոր քայլերով մօտեցաւ մեզի, բայց ձեռքը չերկարեց, ոչ ալ ես իմս։ Կեցած էր մեր դէմը՝ երկար թարթիչները նետած իր աչքերուն վրայ ու լուռ։ Ես հարցուցի, թէ չի՞ պարեր։

— Պարել չեմ գիտեր, օրիորդ,— ըսաւ տժգոյն ու շատ ցած։

— Ինչո՞ւ չէք սորվիր, Պարո՛ն Սարգիսեան, աղջիկներու հետ ծանօթութիւն հաստատելու լաւագոյն եղանակը պարել գիտնալն է։

— Ու ամէնէն տեւական կապերը պարասրահներու մէջ կը ստեղծուին,— զիս լրա– ցուց ընկերուհիս ժպտուն։

Ան կը նայէր մեզի զարմացած ու յուզումէ խոնաւ աչքերով, եւ կը թուէր, թէ բառ չի գտներ իր մտածումը արտայայտելու համար։ Ի վերջոյ, իշխեց ինքզինքին ու ցած ձայնով ըսաւ.

— Կ՚ուզէի սորվիլ, բայց վստահ եմ, որ չպիտի կրնամ, շատ ձախաւեր եմ։