Ընկերուհիս խնդաց։ Ես նայեցայ անոր տժգոյն դէմքին ու զգացի, որ սիրոյ ու տրտմութեան մեծ ալիք մը կը զարնուի մարմինիս։ Կ՚ուզէի ըսել իրեն, որ ես սիրով պիտի ուզէի սորվեցնել իրեն, բայց չէի կրնար։ Կը մտածէի. «Եթէ ընկերուհիս չըլլար, անպայման կ՚ըսէի իրեն, որ երեկոները գար պարասրահ, ու միասին պարէինք»:
— Պարո՛ն Սարգիսեան, շատ տժգոյն էք,— ըսի,— հիւանդ չէ՞ք։
— Քիչ մը,— ըսաւ առանց նայուածքը բարձրացնելու,— երկար ատեն է, ոչինչ, վտանգաւոր չէ։
Երեքով դուրս եկանք պարասրահէն։ Կը քալէինք դանդաղ ու լուռ։ Ձմեռուան լուսնկան կը յառաջանար մեր գլխուն վրայէն։ Ընկերուհիս ու Սուրէնը կը խօսէին Սարունիի գրականութեան մասին։
Ես կը նայէի անոր տժգոյն դէմքին ու մազերու խուրձին, որ ինկած էր ճակտին վրայ։ Նայուածքս զգաց ու շնորհալի ու սիրուն շարժումով մը ետ նետեց մազերը։ Կը խօսէր իմաստութեամբ, տառապանքով ու փորձառութեամբ մը, որ կ՚ենթադրէր ցաւի ու դժբախտութեան երկար ու դժնդակ օրեր։ Անոր ձայնը կը դողար յուզումէ։ Եւ ինծի կը թուէր, թէ ահա պիտի հատնի իր ուժը, ու վերջին բառը պիտի մնայ կոկորդին մէջ։ Չեմ գիտեր ինչու ու ինչ ճակատագրականութեամբ՝ սկսան խօսիլ մահուան մասին։ Թէեւ իր արտայայտած մտքերը որոշ չափով հին էին, բայց այնքան նորութիւն, ուժ ու հաւատք կը դնէր զանոնք արտայայտելու եղանակին մէջ, որ ինծի կը թուէր, թէ առաջին անգամն է, որ կը լսեմ այդքան անկեղծ ու այդքան մարդկային զգացումներ, մահուան ու կեանքի այդքան յստակ, տրտում ու տառապալից իմացողութիւն մը։
Հասած էինք հանրակառքի կայանը։ Ան վառեց գլանիկ մը ու վերջացուց իր վերջին նախադասութիւնը։ Ընկերուհիս կը նայէր այդ տժգոյն ու երիտասարդ տղուն յարաճուն հետաքրքրութեամբ։ Բազմութիւնը կը յորդէր մեր շուրջը, եւ լոյսերը առատութեամբ ու հարստութեամբ կը շողային սալայատակն ի վար։ Սուրէնը ձեռք տուաւ ինծի։ Ես յիշեցուցի, որ իր ձեռագիրը մօտս է, ու եթէ ուզէ ետ ստանալ, կրնայ երեկոյ մը գալ։ Եւ կամաց ձայնով աւելցուցի.
— Կը բերէք նաեւ Ձեր «Մահուան առագաստը», ու կը փորձեմ դաշնակի վրայ։
Ան կը նայէր յուզումէ լայնցած ու մեծ աչքերով աչքերուս։ Իր դէմքը շատ տժգոյն էր ու շատ գեղեցիկ, բայց շրթունքները անշարժ էին։ Ձեռքի դանդաղ ու սիրուն շարժումով մը ճակտին վրայ ինկած մազերու խուրձը ետ նետեց ու ըսաւ, որ կ՚աշխատի ու իննէն յետոյ միայն ազատ է։
— Եկէք ուրեմն Շաբաթ երեկոյ մը, բայց առաջուընէ իմաց տուէք, որպէսզի Ձեզի սպասեմ։
— Այո՛,— ըսաւ խեղդուկ ու գնաց։
Մենք մտանք սրճարան մը, եւ ընկերուհիս հեռաձայնեց իրենց պանդոկը քրոջը, որ գիշերը մեզի պիտի անցընէ։ Եւ եկանք մեզի։
Ընկերուհիս կը քնանայ բազմոց֊մահճակալին վրայ՝ երկար ու խարտեաշ մազերը բարձին վրայ, հանդարտ ու խաղաղ քունով։ Եղբայրս, առանց ինծի սպասելու, վերջացուցած է «Կարամազով եղբայրներ»ը։ Կը բանամ զայն ու կը կարդամ։ Յուզումս աւելի կը մեծնայ, եւ մութ տրտմութիւն մը կը տկարացնէ արդէն իսկ անուժ մարմինս։ Բայց լաւ է, որ քնանամ։ Առաւօտեան երեքն է, իսկ ես յոգնած եմ տարապայման ու հանգստի կարօտ։
Մութին մէջ սպասեցի երկար, բայց չկրցայ քնանալ։ Ու ահա նորէն մարմին կառնէ Սուրէնին դէմքը, ու չեմ գիտեր ինչու, նորէն լուսամփոփին տակէն։ Նախ՝ կ՚երեւի անոր