Jump to content

Էջ:Sails of death, Vazgen Shushanian.djvu/38

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

այրող ափերուն մէջ ու համբուրեց զանոնք։ Անոր համբոյրը մատներուս վրայ բոցի տուած ցաւին պէս էր։

— Ներեցէ՛ք, ներեցէ՛ք ինծի,– կը հծծէր յուսահատութեամբ,— եթէ գիտնայի, որ կը տառապիք, Աստուած իմ...

— Չե՞ս տեսներ, Սուրէ՛ն, չե՞ս տեսներ, որ կուլամ։

— Չէի կրնար հաւատալ, որ կը սիրէք. այնքա՜ն խոնարհ ու աղքատ տղայ եմ,— պատասխանեց նոյն տառապալից ձայնով,— ժամանակաւոր քմայք մը կը թուէր ինծի Ձեր համակրանքը, արուեստագիտուհիի խաղ մը, իսկ ես այնքան հպարտ եմ «սիրոյ մուրացկան» ըլլալու համար: Օ՜, ներեցէ՛ք ինծի, օրիո՛րդ, ես վայրենի տղայ մըն եմ։

— Օ՜, Սուրէն,— ըսի անձկութեամբ,— զիս «օրիորդ» մի կանչեր։

— Ներողութիւն, չե՛մ կրնար, այս առաջին անգամն է, ու այնքան օտար եմ մարդոց ձեւերուն։

Զանգը տուի, ու բարձրացանք վեր։ Սանդուխին վրայ սրբեցի անոր ու իմ աչքերս, եւ ժպտեցանք երկուքս ալ։ Մեր յարկաբաժնին դուռը բաց էր։ Առանց աղմուկի զայն բերի սենեակս։ Բացի դաշնակս, վառեցի աշտանակները ու սկսայ նուագել «Մահուան առագաստ»ը։ Մատներս կը ղողդոջէին, ու սիրտս կը զարնէր ուժգնութեամբ։ Ճակատս կ՚այրուէր, ու կ՚արտասուէի կրկին ստեղանիներուն վրայ։

Ան կռթնած էր դաշնակի մարմինին՝ գլուխը երկու ձեռքերուն մէջ։ Լայն ու սպիտակ ճակատը կը շողար կիսամութին մէջ, ու աչքերը կը վառէին սիրոյ մեծ հրդեհով։ Մազերու խուրձ մը ինկած էր ճակտին վրայ։ Դանդաղ ու տրտում շարժումով գրպանէն հանեց ծխախոտի տուփը, հարցուց.

— Կրնա՞մ։

— Այո՛, այո՛,— հծծեցի երջանիկ ու ժպտեցայ։

Վառեց գլանիկը ու նորէն կռթնեցաւ դաշնակին։ Ես կը նայէի անոր տժգոյն դէմքին, եւ սիրտս տրտմութեամբ ու երջանկութեամբ կը լենար։ Կը զգայի, որ հիւանդ է, ու կը նայէի ցաւով իր ջղային ու փոքրիկ գրերուն՝ «Տղու մը, որ մեկնի պիտի շուտով»։

Վերջացուցի։ Վայրկեան մը նայեցանք իրարու։ Անոր ծխախոտին ծուխը կը գգուէր դէմքս։ Յանկարծ մէկը ելեկտրական լույսը բացաւ, ու ես տեսայ դրան մէջ եղբօրս հասակը։

— Բարի գիշե՛ր Ձեզ,— ըսաւ բարութեամբ։

Ես ներկայացուցի Սուրէնը իրեն, ու ան շնորհաւորեց զայն իր մահանուագին համար։ Բայց կը զգայի, որ տխուր բաներու մասին կը մտածէ։

Երկուքն ալ տժգոյն էին։ Սուրէնը կը նայէր Հրանդին երկչոտութեամբ ու վախով, բայց ի վերջոյ իր հանդարտութիւնը գտաւ՝ զգալով, որ բարեացակամ ու սիրող մարդու հետ կը խօսի։

Եկաւ նաեւ մայրիկս։ Ես չէի գիտեր՝ ինչպէս Սուրէնը ներկայացնել անոր, բայց եղբայրս փրկեց զիս։ Երկուքն ալ խելացի էին ու զգայուն եւ կը զգուշանային Սուրէնը նեղելէ աւելորդ հարցումներով։

Ժամանակը ուշ էր։ Սուրէնը բարձրացաւ։ Եղբայրս ընկերացաւ անոր։ Կ՚ուզէի ես ալ երթալ միասին մինչեւ կայարան, բայց մայրս արգիլեց՝ առարկելով, որ ցուրտ կ՚ընէ, ու ես տկար եմ։ Ես ու Սուրէնը ձեռք տուինք իրարու եւ նայեցանք քաղցրօրէն, երկարօրէն, երջանկօրէն։ Ընկերացայ իրենց մինչեւ փողոցին դուռը եւ նայեցայ անոնց կորսուող հասակներուն, մինչեւ որ մութը անտեսանելի դարձուց զանոնք։