Jump to content

Էջ:Sails of death, Vazgen Shushanian.djvu/39

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է
5 Փետրուար, ուշ գիշերին

Այսօր գացած էի փորձի։ Փորձը վերջանալէն յետոյ գացի Սուրէնին սենեակը։ Անկողնին մէջ պառկած էր։ Տժգոյն էր ու տկար։ Երբ զիս տեսաւ, աւելի տժգունեցաւ։ Անկողնէն դուրս հանեց իր սպիտակ ու գունատ ձեռքը, որ կը դողար, ու սեղմեց ձեռքս։ Յետոյ կողքի սեղանէն վերցուց սպիտակ թուղթ մը, որուն մէկ մասը սեւցած էր, ու պահեց։

— Ի՞նչ է, Սուրէ՛ն,— ըսի։

— Ոչի՛նչ, նամակ։

— Որո՞ւ կը գրէիր։

— Չեմ գիտեր,— պատասխանեց դողդոջուն։

— Սուրէ՛ն, ըսէ՛ ինծի, եթէ չըսես, կը վշտանամ։

Ժպտեցաւ ու ըսաւ, որ ինծի կը գրէր։

Ըսի.

— Տո՛ւր կարդամ։

— Ո՛չ,— ըսաւ տխուր։

— Ըսէ գոնէ, թէ ինչ կը գրէիր։

Վայրկեան մը վարանեցաւ, յետոյ ըսաւ ցած ձայնով.

— Կը խնդրէի, ոը գաք զիս տեսնելու։

Ու աչքերը կախեց գետին։

Զգացի, ոը կը ստէր։

— Սուրէ՛ն,— ըսի,— կը ստե՛ս։

Շառագունեցաւ ու նորէն տժգունեցաւ եւ խեղդուած ձայնով պատասխանեց.

— Այո՛, ստեցի, բայց ճշմարիտը չեմ կրնար ըսել, մի՛ պնդէք, չե՛մ կրնար։

Վայրկեան մը նայեցանք իրարու։ Անոր աչքերը թրջեցան։

— Հիւանդ եմ,— ըսաւ հեղձամղձուկ։

Միատեղ որոշեցինք, որ բժիշկի երթայ։

— Չէ՞ք ուզեր քիչ մը պարտէզ երթանք։

— Չէ՛, Սուրէ՛ն,— ըսի,— լաւ է հանգչիս։

— Ո՛չ, մեծ բան մը չէ, երկար ատեն է այսպէս է, կ’անցնի։

Իր աչքերը այնպէս կը շողային, ու դէմքը այնպէս պայծառ էր, որ կասկածս փարատեցաւ։ Ան խնդրեց, ոը վարը սպասեմ, մինչեւ որ հագուի։

— Իմ ներկայութեանս չե՞ս կրնար հագուիլ, Սուրէն,— հարցուցի ժպտելով։

Շառագունեցաւ, մազերը շտկեց ու ըսաւ.

— Ուրեմն պատուհանէն դուրս նայեցէք, մինչեւ որ Ձեզի «դարձէք» չըսեմ, չդառնաք, այլապէս...

Ես բռնեցի ձեռքեչէն ու նայեցայ աչքերուն։ Շրթներս կը դողդղային, եւ կը զգայի, որ վայրենի ու տարօրինակ դող մը կը ցնցէր մարմինս։ Կ’ուզէի գրկել իր գլուխը ու համբուրել զայն, բայց զսպեցի ինքզինքս ու ըսի.

— Սուրէ՛ն, ըսէ. «Սիրանո՛ւշ, դարձիր պատուհանին»։

— Լաւ,— ըսաւ ժպտուն,— «Սիրանո՛ւշ, դարձիր պատուհանին»։

Ու խնդաց, խնդաց մանուկի պէս։

Դուրսը քաղաքին աղմուկը կը մեծնար հետզհետէ երեկոյ ըլլալուն։ Ես կը նայէի հեռուն ու կը մտածէի Սուրէնին տժգոյն դէմքին, եւ գէշ նախազգացում մը հետզհետէ կ’աշխատէր մտքիս մէջ։ Ինծի կը թուէր, թէ Սուրէնը մեռած է, ու ես կ’արտասուեմ իր անկողնին: