վրայ, մինչ եղբայրս կը նուագէ ջութակի վրայ «Մահուան առագաստը»։ Մութին մէջ ծաղիկնեը կը բացուին, ու ճառագայթներ կը մսին։
Մեքենաբար սկսայ արտասանել գրեթէ անծանօթ բանաստեղծի մը մէկ տրտում երգը։ Երբ վերջացուցի, Սուրէնը ձայն տուաւ։
Միատեղ իջանք վար ու գացինք պարտէզ։
Ես խնդրեցի անկէ, որ անպայման բժիշկի երթայ ու ինծի լուր բերէ։ Ան կը ծիծաղէր վրաս։ Մութը հետզհետէ կը տեղաւորուէր պարտէզին վրայ, ու քիչ յետոյ մեկնումի փողը հնչեց։ Սուրէնը զիս տարաւ ընթրելու հեռաւոր ճաշարան մը, ու յետոյ գացինք թատրոն։
Երջանիկ էինք երկու մանուկներու պէս։ Միայն անոր աչքերուն մէջ ես կը զգայի սարսափելի եղելութեան մը ներկայութիւնը, ու շրթունքներս կը դողային։ Իմ շրթունքներս։
Բաժանումի պահուն ան երկար վայրկեան մը ձեռքս պահեց իր ձեռքին մէջ եւ այնքան տրտմութեամբ ու յուզումով նայեցաւ աչքերուս, որ ինծի թուեցաւ, թէ ահա շրթները պիտի բացուին, ու ինծի պիտի ըսէ, թէ զիս կը սիրէ։ Բայց ան լռեց։ Ես խնդրեցի, որ վաղը երեկոյ մեզի ընթրիքի գայ ու բժիշկի երթայ եւ առանց լուրի չգայ ինծի։ Խոստացաւ ու կրկին նայեցաւ աչքերուս անասելի քաղցրութեամբ։ Յետոյ բռնեց երկու ձեռքերէս, ու շրթունքները շարժեցան, բայց ոչինչ ըսաւ։
— Ըսէ՛, Սուրէ՛ն, ըսէ՛, Սուրէ՛ն։
— Ի՞նչ բան,— հծծեց տրտմութեամբ։ Յետոյ շատ կամաց.— Օ՜, զգացումներ կան, որ չեն պատմուիր, լաւագոյն է չըսել, Սիրանո՛ւշ։
Հասած էինք Լուվրի պալատին պատին տակ։ Շուրջը ամայի էր, ու լոյս չկար։ Երկինքը սկսաւ գոռալ։ Ձեռքերս կ՚այրէին իր ձեռքերուն մէջ, ու շրթներս ալ՝ համբոյրի կարօտով։ Ուզեցի դէմքս մօտեցնել իրեն։ Ուզեցի համբուրել իր տժգոյն ու նուրբ շրթներուն վրայ, բայց վախցայ, որ կը մերժէ զիս, այն տժգոյն տղան կը մերժէ զիս։
Սուրէնը չեկաւ՝ հակառակ իր խոստմանը։ Աստուա՛ծ իմ, ինչպէ՜ս կը տառապիմ ու ինչպէ՜ս կը դժուարանամ գրել։ Սիրտս տրտում է ու յուսահատ, եւ կ՚արտասուեմ բարձիս վրայ։
Սպասելը դժնդակ է ու յուսալը՝ դժուար։ Չա՜րը։ Գոնէ երկտող մը գրէր։ Գոնէ կենդանութեան նշան մը։ Չէ՛, չպիտի երթամ իրեն ու պիտի գրեմ։ Բայց սիրտս կ՚արիւնի, ու կ՚արտասուեմ բարձիս՝ բարձրաձայն ու յուսահատ։ Օ՜, սիրոյ արտասուքը ինչ դառն է։
Այս գիշեր խաղացինք Շանթի «Ինկած բերդի իշխանուհին»։
Հիւանդ էի ու ամբողջ ներկայացման ընթացքին կը վախնայի, որ պիտի իյնամ գետին։ Եղբօրմէս խնդրեցի, որ փնտռէ Սուրէնը։ Ձեռնունայն վերադարձաւ։ Այսուհանդերձ, չեմ գիտեր, ինչպէս եղաւ։ Խաղացի շատ լաւ։ Ամբոխը իսկապէս կատաղած էր ու կը ծափէր զիս երկարօրէն, խելագարօրէն, գինովութեամբ։ Հազիւ ազատեցայ բազմութեան հալածանքէն ու խնդրեցի եղբօրմէս, որ երթայ Սուրէնին մօտ։ Անձկութեամբ սպասեցի իրեն սրճարան մը։ Վերադարձաւ տխուր ու տժգոյն: