Էջ:Sails of death, Vazgen Shushanian.djvu/41

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

— Ըսէ՛, Հրա՛նդ, ի՞նչ կայ։

— Փետրուար վեցէն ի վեր քաղաքային հիւանդանոցն է եղեր։

Աչքերս թրջեցան, ու ծունկերս ծալլուեցան յուզումէս։ Պնդեցի, որ հիւանդանոց երթանք, բայց եղբայրս առարկեց, որ ուշ է, ու խոստացաւ յաջորդ առաւօտ տանիլ զիս։ Տուն վերադարձայ յուսահատ ու տրտում։ Աստուա՛ծ իմ, ինչպէ՜ս տխուր է ամէն բան, ինչպէ՜ս տխուր։ Ու ծաղիկները, որ բերած են ինծի, կարծես մահ կը հոտին։

Կը նուագեմ «Մահուան առագաստը», ու արտասուքներս կը թափին աչքերէս, ու կը յիշեմ Սարունին, որ օր մը ականջս ի վար ըսաւ. «Երազիս մէջ լացի. կ'երազէի, որ մեռած էիր, արթնցայ, ու արտասուքները հոսեցան այտերս ի վար»։

16 Փետրուար

Եղբայրս արթնցուց զիս քունէս։ Տժգոյն էր ու դողահար։

— Սիրանո՛ւշ,— ըսաւ,— ելիր հագուէ՛, աղջի՛կս։

Ես նայեցայ անոր աչքերուն ու զգացի, որ կ'արտասուեմ։

— Մի լար,— ըսաւ տխուր,— գուցէ կ՚ազատի։

Հեռագիրը յափշտակեցի ձեռքէն։ Սուրէնին ընկերներէն մէկն էր, որ շտապով քաղաքային հիւանդանոց կը կանչէր զիս։ Զգացի, որ վերջացած է ամէն բան։ Արտասուքները խեղդեցին կոկորդս, ու ինկայ գետին։

Երբ հասանք քաղաքային հիւանդանոցը, ժամը տասը զարկաւ։ Կը ձիւնէր խոշոր ու փափուկ փաթիլներով։ Մեծղի ու թաց աչքերով տղայ մը դիմաւորեց մեզ։

— Մեռաւ,— ըսաւ խեղդուկ։

Ու արտասուքները թափեցան այտերն ի վար։

Տժգոյն ու արտասուազօծ աչքերով բարձրացանք մարմարեայ սանդուխներէ։ Մեզ առաջնորդեցին սրահ մը։ Յուսահատ էի ու վայրագ, ու ճչալու անդիմադրելի փափաք մը կը նեղէր մարմինս։ Այսուհանդերձ, հիւանդանոցին հանդարտութիւնը ու պատկառազդու տեսքը, անխզելի լռութիւնը ու պատերուն ցրտութիւնը քաջութիւն ներշնչեցին ինծի։

Սուրէնին մարմինը փաթթած էին սպիտակ սաւանի մէջ։ Իր ընկերը թուղթ մը երկարեց ինծի, ու աչքերը նորէն թրջեցան։

— Մի՛ լաք,— ըսի դողդոջուն ու զգացի, որ ծնկներս կը դողդոջէն, ու նորէն կը տկարանամ, ու արտասուքի կաթիլներ կ'այրին կոպերուս եզերքը...

* * *

«Քեզի չէ՞ի ըսեր, սիրելի՛ Սիրանուշ, որ շուտով ամէն բան կը վերջանայ։ Երբ այս տոմսակս տան քեզի, արդէն ես մեկնած պիտի ըլլամ ուրիշ աշխարհի մը համար։ Ներէ ինծի, քո՛յր իմ։ Քեզ կը սիրէի վայրենօրէն, անմարդկային ու մեծ զգացումով ու կը վախնայի, որ լոյսին տակ սովորական ու անճանաչելի կը դառնայ երազս։ Ու եթէ ամբողջ հիւանդութեանս ընթացքին չգրեցի քեզի, վշտանալու չես ատոր համար։ Առաջին վայրկեանէն իսկ զգացի, որ ամէն բան վերջացած է, կանթեղին ձէթը սպառած է, ու սպասեցի տրտմօրէն, որ ժամը հնչէ մեկնելու։ Եթէ դուն հոս ըլլայիր, անհնար բան էր, որ մեռնելու ուժ ունենայի։ Պիտի արտասուէինք, ու ես չէի ուզեր, որ քու արտասուքդ տեսնեմ, Սիրանո՛ւշ։ Այսպէս աւելի լաւ է։ Գրելու ուժ չունիմ։ Կը զգամ քու սենեակիդ գաղջ ու հաճելի բուրումը, ու կը թուի, թէ կռթնած եմ դաշնակիդ։ Աշտանակներու աղօտ լոյսին մէջ կը նայիմ արտասուազօծ աչքերուդ։ Ահա մատներդ կը դողդղան ստեղանիներուն վրայ,