Jump to content

Էջ:The First Love.djvu/22

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է
Դ․

Ահաւա՛սիկ ինչ որ ան պատմեց.

«Բաւական ետ պէտք է երթալ. դպրոցական շրջանիս հետ կ’սկսի ան, մինչեւ հոն պէտք է վերադառնալ բան մը պակաս ձգած չըլլալու համար անոր յիշատակէն՝ որ իր բոլոր մանրամասնութիւններով կոյս ու անեղծ մնացած է սրտիս մէջ»:

«Դպրոց հասնելէս գրեթէ ամիս մը ետքը, օր մը, կէս օրուան ճաշին անծանօթուհի մը նստած տեսայ մեր տեսուչին տիկնոջ քով: Ըսած եմ արդէն թէ տեսուչը, ընտանիքով մեզի հետ կը ճաշէր: Առաջին անգամ կը տեսնէի զինքը: Ճերմակ, ճեբճերմակ սէմքին վրայ, դեղնորակ մազերու շքեղ պսակ մը, թույլ կերպով հիւսուած , աչքերը՝ նուաղ, երկնագոյն, հասակը՝ երկայն՝ ու նուրբ դեռածիլ աղւոր ցօղունի մը պէս նուրբ ու ճկուն:

«Աչքերս յառած մնացին իր վրայ, բաւական ատեն, չեմ գիտեր ինչ անդիմադրելի հմայքէ մը գրաւուած»:

«Յետոյ՝ որովհետեւ ճաշի ատեն ազատօրէն կրնայինք խօսակցիլ՝ անոր ո՞վ ըլլալը հարցուցի կամացուկ մը քովի տղուս»:

«― Մանկապարտէզին տնօրէնուհին, պատասխանեց տղան: Երբեմն կուգայ հոս ճաշելու»:

«― Անո՞ւնը, հարցուցի»:

«― Միս Իզ…»

«― Գիտեմ, գիտեմ Միս Իզապէ՜լ, պոռաց Նուարդ, հակառակ չընդմիջելու բաղձանքին, ինքզինքը չկրնալով զսպել»: