Էջ:The First Love.djvu/79

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

Քիչ յետոյ իր ընկերներէն մին գալով ըսաւ թէ մեկնելու ժամանակն էր: Վար իջանք, գոյքերնիս ժողուելու: Սիրտս կը սեղմուէր պողպատէ ցանցի մը մէջ:

Տասն վայրկեան ետքը նաւակին մէջն էինք:

Զինքը տեսած վայրկեանէս մինչեւ շոգենաւէն իջնալնիս, 36 ժամուան միջոցը՝ կազմող ոսկեզօծ, իմաստով շքեղ ու ոճով հրապուրիչ հատոր մըն էր ― հատոր մը զոր մարդ անձանձրոյթ կ’ուզէ կարդալ մինչեւ կեանքին վերջը, յաւիտեա՜ն…: Իսկ այս նաւակը, վերջաբանը այդ աննման հատորին ― վերջաբանը, զոր կարդացած ատենդ կը վախնաս առաջ երթալու՝ որովհետեւ գիտես թէ ալ շուտ պիտի հատնի, էջերը դարձուած ատենդ ձեռքերդ կը դողան՝ այն մտածումով թէ տխուր «վերջ»ը պիտի ցցուի աչքերուդ դիմաց:

Նաւակը դէպ ի Ղալաթիոյ քարափը կը տանէր մեզ:

Հսկայ Անգղիացի մը նստեր էր մէջերնիս:

― Ազգականներ ունիք կարծեմ, ըսաւ դէպ ի ինծի ծռելով մէջտեղի մարդուն ետեւէն:

― Այո՛, և բաւական շատ:

― Ուրախ պիտի ըլլաք ուրեմն զանոնք տեսնելով:

Արդեօք ինքն ալ կը գուշակէ՞ր թէ տխուր էի հիմա և կը յուսար որ անոնց տեսքը տխրութիւնս պիտի փարատէ:

Ի՞նչ բարի էր Աստուած իմ և ինչ ալ փափկանկատ:

Եթէ գիտնա՜ր թէ իր բացակայութեան սրտիս մէջ բանալիք դատարկը բան մը չէր կրնար