Էջ:The First Love.djvu/80

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

լեցնել աշխարհի վրայ, եթէ գիտնա՜ր… բայց պիտի չգիտնա՛ր, երբէք:

Քարափին վրայ բաժնուեցանք: Հազիւ գլխու շարժումով մը կը յիշեմ պատասխանած ըլլալ իր «մնաք բարով, յուսամ թէ կրկին կը տեսնուինք»ին: Եթէ բառ մը արտասանել փորձէի հեծկլտուքս հեղեղի մը պէս պիտի պոռթկար անշուշտ:

Լմնցա՛ւ: Այս երկրորդ անգամ ― և ո՞վ գիտէ թերևս ալ վերջին ըլլալով, ― բաղդը զիս իրեն մօտ բերելէ ետքը կը բաժնէ դարձեալ:

Այն իր ճամբան պիտի երթայ այլևս կեանքի մէջ և ես ալ իմս, երկու ճամբաներ պահ մը իրարու քով գալէ յետոյ, կը հեռանային կրկին ― անծանօթ ճամբաներ, որոնք ո՞վ գիտէ ո՛ւր պիտի տանէին ամէն մէկերնիս: Իմ ճամբաս սակայն հիմա ― կեանքիս ճամբան ― այնքան մութ, այնքան սեւ, այնքան արհաւրալից էր որ քայլ մը իսկ առնելու կը վախնայի…:

Չորս օր հոս եմ: Մինչեւ հիմա, գաղափարներս այնքան խառնափնթոր կերպով դուրս կը խուժէին մտքէս, որ անկարելի եղաւ գրիչը ձեռք առնել: Երէկ և այսօր, ընդհատ, ընդհատ, այս երկայն նամակը ― զոր ահա կ’աւարտեմ ― գրեցի քեզի: Ճամբուս մանրամասնութիւններէն հազիւ մէկ փոքրիկ մասն է այս թուղթին վրայ նետածս: Չեմ գիտեր թէ ինչ գրեցի, այդ գործն ալ քեզի, բայց վախնամ ըսելիք այնքան շատ բան ունէի որ բան մըն ալ չկրցի ըսել: