հետապնդեն փախչողները, բայց անոնք իրենց անփորձութեան պատճառաւ քարացած մնացած էին։ ԻրենցմԷ ամենէն քաջն էր խորսանացի Մարտիրոսը, որ թնդանօթաձիգ սպայ եղած էր Պալքանեան պատերազմին։ Իր գեղեցկութիւնը, համազգեստը, հոգեկան արիութիւնը սիրտ կուտար միւսներուն, բայց անոնք տակաւին չէին սթափած առաջին կրակին առթած սարսափէն։ Մեր թոյլութեան պատճառաւ ոստիկանները կրցան փոխադրել իրենց վիրաւորները, թէև փախուստնին բաւականին խայտառակ էր և աւար թողած էին ձի, եամչի և այլն։ Սպանուածներուն մէջ էր յայտնի չերքեզ աւազակ մը, երեք տեղէ զարնուած, որուն Սասնոյ մէջ ալ հանդիպած էի։
Ուրախ էի, որ անսպասելի կերպով յաջող անցաւ մեր կռիւը, բայց միւս կողմանէ կը տխրէի կռիւը շուտ սկսելուն համար, ինչ որ թէ՛ մեզ, թէ՛ հայ բնակչութեան համար աննպաստ էր։ Բայց հակառակ մեր կամքին չարիքը կատարուած էր և հիմակ պէտք էր նախազգուշութիւններ ձեռք առնել։
Տղոցմէն մէկ քանին նշանակեցի որ երթան լերան ամենէն բարձր գագաթը, որ կը տիրապետէր անոնց վերադարձի ճամբան։ Բայց տղաքը հազիւ թէ մեկնած էին, ետ դարձան առանց իրենց պաշտօնը կատարելու. այլ սակայն պէտք էր անպատճառ գրաւել այդ դիրքերը, քանի դեռ թշնամին չէր ուժեղացած։ Կռուի ոգևորութենէն ետքը ինքզինքս կրկին հիւանդ ու տկար կը զգայի, բայց գիտնալով թէ զիս երկրորդող մը չի կայ, ոտքի կանգնեցայ և Նշան Մուրատեանին և Վարդան Սրապեանին հետ ես ինքս բարձրացայ նշանակած գագաթը. զառիվերը շնչասպառ կընէր զիս ու ականջներս կը բըզզային. գինովի նման էի, բայց յստակ կերպով կզգայի, թէ ի՞նչ պէտք է ընենք և ի՞նչ ուղղութեան պէտք է հետեւենք։ Կարգադրած էինք, որ մնացած տղաքը սպասեն ու երբ մենք հասնինք դիրքերը, սուլենք, ու անմիջապէս ամեն ինչ հաւաքելով գան մեզ միանան։
Երբ լերան գագաթը հասանք, տեսանք, որ ոչ ոք մնացեր էր. թշնամին փախեր էր մինչև Մազան, երեք ժամ հեռու։ Յետոյ տեղեկացանք, որ Մազանէն մարդ դրկեր էին Սէյֆէ, որպէսզի թելեֆոնով շուտափոյթ օգնութիւն ուզեն կուսակալէն և Հաֆիքի գայմագամութենէն։ Քաղաքէն տրամադրեր էին 40 ժանտարմա ձիաւոր, Հաֆիքէն 40 ձիաւոր և 60 հետևակ։ Սոֆուլտը թիւրք գիւղի քէոհեան, Կոչի Ալին, իմաց տուեր էր Կովտունի 40 ժանտարմաներուն, որ երթան միանան միւս ուժերուն, բայց անանցմէ մէկ մասը հիւանդ ձևացեր, մէկ մասը ճանապարհէն ետ դարձեր էին և մնացեալն ալ մթնալուն սպասեր էին ետ դառնալու համար։