Jump to content

Էջ:Zabel Yesayan, Traveling of Murad.djvu/69

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

էր բռնաբարիչներուն, բայց վերջապէս զինքը բռներ ու յանձներ էին թիւրքի մը. գիշերը հայ աղջիկը ածելիով կըսպաննէ թիւրքը և կր փախի։ Եօթը օր շարունակ կը փնտռեն զինքը ու վերջապէս գտնելով, զինքը կըսպաննեն, անվերջ բռնաբարելով։

Թիւրքերէն մէկը միայն լուռ կը մնար, կըսէր, թէ ես ոչ մէկ բան չեմ ըրած, ընկերներէս մէկը ապտակ մը զարկաւ և ըսաւ, թէ դուն ի՞նչպէս իսլամ ես, որ մէկ կեաւուր չես սպաններ։

— Ւ՞նչ ընեմ, չեմ կրցած, պատասխանեց։

Երբ քննութիւնը վերջացաւ, ըսինք.

— Մենք այն կեաւուրներն ենք, որ ձեզի պէս գազաններէն վրէժ պիտի լուծենք, եւ համոզուած եղէք, որ ձեր անիծեալ ցեղը պիտի ոչընչանայ, բայց մենք դարձեալ պիտի մնանք։

Անմեղ թիւրքին խնդիրը մեզ կը մտահոգէր, չէինք կրնար զինքը ազատ արձակել եւ ոչ ալ մեզ մօտ պահել, որոշեցինք ամենէն առաջ զինքը սպաննել, որպէսզի միւսներուն տանջանքները տեսնելով, չի չարչարուի. յետոյ սպաննեցինք միւսները և թաղեցինք։

Մեր յոյն լրտեսը— որ իբրեւ մանրավաճառ կը շրջէր ամեն կողմը— եւ հովիւները եկան, իմացուցին, որ կառավարութիւնը մեծ պատրաստութիւններ կը տեսնէ մեր դէմ, որովհետև այն երկու թիւրքերը, որ փախեր էին, գացեր, ամեն ինչ պատմեր էին իշխանութեան։ Կէս ժամու հեռաւորութեամբ տեղափոխուեցանք ամենքս ալ եւ կերպով մը պատսպարուեցանք։ Առաւօտուն մառախուղը պատած էր լեռը, և հեռուէն հազիւ ձայն մը լսեցինք, փախստական թիւրք մըն էր, որ բռնուեցաւ մեր ընկերներուն կողմէ։ Քիչ մը ետքը պահակները լուր տուին, թէ զինուած մարդիկ կու գան. ամենքն ալ հրացանները խլելով՝ չամերուն ետեւ դիրք բռնեցին և մենք պաշարեցինք եկողները։ Ձայն տուինք, որ անձնատուր ըլլան։ Անոնք կը կրէին բաբախներ և զինուած էին թիւրքական հրացաններով։ Չէրքէզ չեթաներ կարծեցինք և զինուած էին թիւրքական հրա–ըլլան։ Յանկարծ մեզմէ քէօղէիւրտցի մը ճանչցան եւ անունը տուին։ Անիկա անմիջապէս ըսաւ, թէ ասոնք յոյն տղաքներ են. ասոնք ալ մեզ չեթա կարծեր էին։ Երբ հասկցանք, իրարու մօտեցանք եւ համբուրուեցանք։

Անոնք քիչ առաջ երկու քիւրդ սպաններ եւ դէպի մեզ եկեր էին՝ մեզի հետ միանալու մտադրութեամբ։ երբ քէօղէիւրացիները մեր տեղը յայտներ էին իրենց։ Իրարու ծանօթացանք. իրենց անուններն էին Վասիլ, Պետրէ և Թրիանտաֆիլ։ Ասոնք Հապէշի Ա. գեղէն էին. խորոված սլատրաստեցինք և շուրջանակի նստած սկսանք խօսիլ։