Jump to content

Էջ:Zabel Yesayan, Traveling of Murad.djvu/70

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

տեսած էին. Վասիլը մասնաւորապէս նկարագրեց Անդրէասի դէպքերը. բոլոր հայերը կոտորեր էին. մէկուն խնայեր էին. եօթը օտար լեզու գիտնալուն համար, բայց քիւրդ մը՝ կացինը վերցնելով, գլուխը երկու կտոր ըրեր էր։ Այս բոլորը տեսնելով, յոյները որոշեր են լեռը փախիլ։

— Մենք համոզուած ենք, որ թիւրքերը միայն ձեր թշնամիները չեն, այլև մեր թշնամիները. վաղը, միւս օրը նոյն բաները մեզի ալ պիտի ընեն, կըսէին:

Երդում ըրին, որ այլևս մեզ հետ միասին պիտի ապրին, միասին պիտի մեռնին, քանի Թիւրքիա գոյութիւն ունի։ Ուզեցին մեր տրամադրութիւները իմանալ. մտադրեցինք փոստա մը զարնել, դրամ ձեռք բերել և յետոյ որոշել մեր ծրագիրը։

Առաւօտուն կանուխ հասանք Քեօսէ֊դաղի գոմերը, որոնք շօսէին մօտ կը գտնուէին. օդը, ջուրը շատ լալ ըլլալուն՝ կազդուրուեցանք, մանաւանդ որ լաւ ուտելիք ունէինք։ Քիչ յետոյ մեր պահակները իմացուցին, թէ զինուած մարդեր կու գան։ Հեռադիտակները առինք, դիտեցինք, որ քէօզիւրտցի փախստականերն են. հարց ու փորձ ըրինք և իմացանք, որ թիւրքերուն հետ կռիւի են բռնուեր։ Արսէնը (նոր փեսան) տիֆէ բռնուած ըլլալով, չէր կրցեր հեռանալ և կը շարունակէր կռուել. անիկա քաջ որսորդ էր և 11 ժամէ ի վեր անընդհատ կը յաջողէր թշնամին հեռու պահելու։ Անմիջապէս որոշեցինք իրեն օգնութեան հասնել, երբ ահա տեսանք, որ հարաւային կողմէն ձիաւորներ կու գան. հարցուցի թէ ո՞վ է այդ առաջքէն եկող կապոյտ ձիաւորը։ Ըսին թէ՝ յայտնի աւազակապետ Եուսուֆ պէյն է, որ մէկ ու կէս ամիս առաջ սպաններ էր 170 աւզէն տիվրիկցի հայեր։ Կռիւին նշանը տուինք և անմիջապէս տղաքը դիրքերը բռնեցին. մեր տեղը կիրճ մըն էր, կեցայ ու պոռացի Եուսուֆ պէյին.

— Շիտկուիր դէպի մեր կողմը։

Այնքան շտապով շարժուեր էի, որ փոխանակ իմ հրացանս առնելու` առեր էի Վասիլին հրացանը. անմիջապէս կրակեցի, գնդակը մտաւ սրունքին մէկ կողմէն ու ելաւ միւս կողմէն. երկրորդ գնդակը դպաւ ձիուն գլխուն, որ գետին գլտորեցաւ իրեն հետ. այն ատեն Եուսուֆ պէյ հրացանը գետին նետեց և պոռաց.

— Թեսլիմ եմ (անձնատուր եմ), ձեր գերին եմ։ Վասիլը սպաննեց ետևէն եկող ձիաւորը, որ հայհոյելով, կը յառաջանար. հետզհետէ ձիաւորները մէկիկ, մէկիկ ինկան։ Այդ միջոցին քէօզիւրտցի Աւետիս, որուն հօրեղբայրը սպանած էր այդ հրէշը, հրացանը զարկաւ Եուսուֆի կուրծքին