թիւրք գիւղի մը հարուստ տանուտէր կողոպտեր էին, որուն քովէն գտեր էին 50 ոսկի և շատ մը կնոջ զարդեղէններ՝ հայերէ կողոպտուած:
Հոկտեմբեր 20-ի գիշերը Վ. եկաւ մեզ մօտ և յայտնեց, թէ ծախու նաւ չի կայ. իրեն հետ բերած էր երկու յոյն նաւավարներ, որոնք Վ.–ի խոստացեր էին մեզ ընկերանալ և օգնել։ Անոր վերջին խօսքը եղաւ.
— Կերևի ձեր խօսքը պիտի ըլլայ. դուք կռիւով պիտի վերցնէք նաւը, բայց ինձ համար յաջողութիւնը կասկածելի է։
Կառավարութիւնը հոտ առած էր մեր մասին։ Սամսոնէն գերմանացի ինժինէօրներ եկեր, մեր դիրքերը ուսումնասիրեր էին։ Հոկտ. 22-ի առաւօտեան Դ. գիւղը պաշարած էին. երբ մեզի լուր տուին, անմիջապէս մեր դիրքերը ամրացուցինք, բայց ես հազիւ թէ ոտքի վրայ կը կենայի: Երկու կողմերէ կը լսէինք զինուորական փողերու ձայները, թշնամին մօտեցաւ 400 քայլի վրայ. կըսպասէինք, որ հետզհետէ յառաջանան, բայց յանկարծ փողը հնչեց, ու թշնամին վերադարձաւ Դ.։ Այն ատեն մենք քաշուեցանք Ք. տան շուրջը և խորհրդակցեցանք։ Մենք ամենքս համաձայն էինք, որ առանց կռիւի բռնուելու փախինք, երթանք, որպէսզի գիւղը և Ք. չի վտանգենք, բայց Ք. հակառակ կարծիք ունէր ու այնքան յամառեցաւ, որ վէճը տևեց 4 ժամ, ու վերջապէս մենք տեղի տուինք։ Առաւօտուն արշալոյսը դեռ նոր բացուեր էր, երբ Նշան Մուրատեանը իմացուց, թէ զինուորները կու գան։ Տղաքը գացին, դիրքերը բռնեցին, մենք անտառին մէջ պատսպարուած էինք, մինչդեռ թշնամին բաց դաշտին մէջ էր։ Երբ մօտեցան մինչև 10—15 քայլ հեռաւորութեան, տղաքը համազարկ մը ըրին, մէկ քանին ինկան և միւսները ճչալով փախան։ Այդ միջոցին մենք դիրքերը ամրացուցինք։ Թիւրքերը ընդամենը 300 հոգի էին ու խայտառակաբար կը փախէին, անոնց մէկ մասը գնաց, մտաւ մեր դէմ գտնուող տուները ու անմիջապէս պատերը ծակծկելով, սկսան այդ ծակերէն հրացան արձակել, բայց մեր հեռադիտակները լաւ կը տեսնէին, մեր նշանառութիւնը լաւ էր և տուները փայտաշէն ըլլալուն մեծ վնաս կը հասցնէինք իրենց, այնպէս որ քիչ ետքը տուները ձգեցին ու փախան։ Իսթիլը կը պոռար՝ խաղ կանչելով.
— Այսօր իմ հարսանիքիս օրն է. ցաւալին այն է, որ մեր գործը կնիկ մարդոց հետ է։
Հերեկցի Օվակիմը գնաց դիակներուն մօտ, որոնք զինուորներէն շատ ալ հեռու չէին, և հաւաքեց թշնամիին հրացանները։ Վիրաւոր թիւրքերէն մէկը կը պոռար.
— Իսթիլ, կարդաշըմ, Աստուծոյ սիրոյն համար ինձ մի սպաններ:
Ասիկա ժանտարմայի չավուշ՝ Ազիզ անունով հրէշ մըն էր։ Շատ