Կաղապար:Շաբաթվա ստեղծագործություն/Շաբաթ 21, 2017 թ.
Երէկ, ամբողջ գիշերը, սարսափելի հով մը կատաղօրէն մռնչեց դողահար պատուհաններուս առջև, և ինծի անհանգիստ քուն մը անցընել տալէ վերջ, դեռ կը շարունակէ իր սպառնական նօթերը սուլել մինչեւ հիմայ: Այդ մռնչող քամիէն սահմռկած, կեանքը ամէն ատենուընէ աւելի տխուր կը զգամ այսօր և կը ջանամ այս քանի մը նախադասութիւններուն մէջ փնտռել մխիթարութիւնս. գրել կամ խօսիլ արդարեւ բաւական կը սփոփեն զիս:
Անցեալ օր, սրբազան նուագահանդէսէ մը վերջ նայուածքս ինկաւ քակի մը ինձմէ աւելի դեռահասակ աղջիկներու վրայ, մեր ամենալաւ ընտանիքներուն պատկանող: Զգացի թէ իրենց աշխարհը իրենց տունն էր միայն, և թէ իրենց խորհուրդներն ու զգացումները այդ սահմանափակ աշխարհին սակաւաթիւ առարակներէն էին ծնած: Հետաքրքրական էր ինծի գիտենալ թէ կը գուշակեի՞ն արդեօք դուրսի լայնատարած, կիրքերու և յուսախաբութիւններու աշխարհը, զոր օր մը իրենք ալ առաւել կամ նուազ մօտեն ճանաչելու պատեհութիւնը կամ հետաքրքրութիւնը պիտի ունենային: Հիմակուհիմայ սակայն յուսախաբութեանտարիքը չէր դեռ իրենցը, և տպիտութեան երջանկութիւնը վայելողներու ժպտուն բայց անշահեկան դէմքերը կը ներկայացնէին դիտող աչքերու: Արդեօք ես ալ ապրա՞ծ էի այդ վիճակը ասկից քանի մը տարի առաջ, երբ դեռ ճամբորդութիւնը, տունէ հեռի կեանքը, չէին տուած ինծի հիմակուան պզտիկ փորձառութիւներս, եւ երբ յարգելի բարեկամ մը կը գրէ ինծի. - «Սի՛րվարդ, դուն դեռ կեանքը պատուհանէդ կը դիտես միայն…:» Հիմայ սակայն պատշգամէս կը դիտեմ զայն անտարակոյս, և առանց մեծ դժուարութիւններու, խոշոր յուսախաբութիւններու, հալածող աստղ իմը տակ ծնած ըլլալուս, կը զգամ դարձեալ երբեմն ցուրտ շունչ մը կեանքին մէջ, որ կը կասեցնէ մէկէն շրթունքներուս ժպիտը, ճիշդ տաք սրահի մը մէջ բաց մոռցուած նեղ լուսամուտի մը պէս, որուն տեղը կ՚անգետանաք բոլորովին և որ պաղ սարսուռները կը մաղէ ձեր կռնակն ի վար: