Jump to content

Մանուշակը (Տ. Գ . Փափազեան)

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից

ՄԱՆՈՒՇԱԿԸ

Փոքրիկն Վահրամ այնպէս կը կարծէր թէ մի միայն կապոյտ մանուշակ կըլլայ. օր մը պարտէզին մէջ ձիւնի պէս ճերմակ մանուշակ տեսաւ, ինչպէս նաեւ կարմիր՝ կրակի պէս, որ առաւօտեան արեգակին ճառագայթներէն կը ցոլար. ուստի այս երեք տեսակէն մէյմէկ հատ քաղեց եւ մօրը տարաւ, հազուագիւտ բան մը ըրածի պէս պարծենալով։

—Բայց, ըսաւ մայրիկը, թէեւ այս 3 տեսակները գիտցածիդ չափ հազուագիւտ չեն, բայց եւ այնպէս պէտք է գիտնաս անոնց նչանակութիւնը որ երջանիկ գիւտ մ՚է. Պարզ կապոյտ մանուշակը, համեստութեան եւ պարկեշտութեան, սպիտակը՝ քաղցրութեան եւ անմեղութեան, իսկ կարմիրը՝ եռանդալից սիրոյ առ ծնողքն, առ ճշմարիտն եւ առ լաւագոյնն:»